top of page
  • Facebook Social Icon
  • Twitter Social Icon
  • YouTube Social  Icon
  • Instagram Social Icon

2014 .........

ensembles ani na¨ri et araxe

ՊԱՐԻ ԽՏԱՑՈՒԱԾ ԴԱՍԸՆԹԱՑ

1 եւ 2 Նոյեմբեր 2014

 

Ահաւասիկ 3րդ անգամ ըլլալով միասին կ՛աշխատինք !  Լիոնի մէջ տեղի ունեցող այս դասընթացը բոլորս ուրախացուց  !

Այս տարի 80է աւելի պարողներ հաւաքուած էին Մարսէյլի ԺԱՖի ԱՐԱՔՍ, Լիոնի ՆԱՅԻՐԻ, Փարիզի ԺԱՖի ԱՆԻ եւ առաջին անգամը ըլլալով Վալանսի ԱՐԱ պարախումբերէն:

2015ի դասընթացին կը սպասենք անհամբեր, այս անգամ ի Փարիզ ...

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

 

2014 յուլիսի վերջերուն, դէպի Հայաստան իրենց ճամբուն վրայ, Մոնթէվիտէօ (Ուրուկուայ) քաղաքի ԳԱՅԱՆԷ պարախումբը մի քանի օր մնաց Փարիզ:

Ասիկա առիթ ստեղծեց բացառիկ հանդիպումներու եւ մշակոյթի ասպարէզէն ներս փորձի հարուստ փոխանակումներու ԳԱՅԱՆԷ, ՆԱՅԻՐԻ եւ ԱՆԻ պարի համոյթներու անդամներուն միջեւ:

3 օերուն ընթացքին 3 պարախումբերը միասին աշխատեցան, բոլոին համար հաճելի եւ շինիչ մթնոլորտի մը մէջ:

PROJET 

uruguay ensemble gayane ani naïri

ԴԱՇՏԱՀԱՆԴԷՍ

6 Յուլիս 2014

 

 

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ԺԱՖի դաշտահանդէսը տեղի ունեցաւ Clamart քաղաքին  մէջ, Երամ նուագախումբին մասնակցութեամբ: 

ՓԱՐԻԶ - 29 յունիս 2014 - Casino de Paris

ԼԻՈՆ - 2 յուլիս 2014 - Bourse du Travail

ՄԱՐՍԷՅԼ - 5 յուլիս 2014 - Palais des Congrès

 

Հայաստանի պարի պետական ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ համոյթը ստեղծուած է 1987ին Նորայր Մեհրապեանին կողմէ:

ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ իւրայատուկ պարաոճ ունի, գեղեցիկ ձուլում ազգայինի եւ դասականի:

Նորայր Մեհրապեանի ստեղծած եւ բեմադրած հանդէսները արդի հայկական պարին առջեւ նոր ճամբայ մը կը բանան:

Համոյթը ելոյթ ունեցած է տարբեր երկիրներու մէջ, Գերմանիա, Ռուսիա, Հնդկաստան, Իտալիա, Անգլիա եւ Չինաստան:

ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

30 մայիս 2014

 

ԺԱՖի աշակերտները  2013 / 2014 ուսումնական տարուան իրենց տարեվերջի հանդէսը ներկայացուցին ուրախ մթնոլորտի մը մէջ, իրենց ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ հարազատներուն ներկայութեանբ:

bottom of page