top of page
  • Facebook Social Icon
  • Twitter Social Icon
  • YouTube Social  Icon
  • Instagram Social Icon

ՀԱՅ ՏՈՒՆ

Փարիզի մշակութային կեանքին մէջ միշտ գործունեայ Ֆրանսահայ երիտասարդաց միութեան "ՀԱՅ ՏՈՒՆ"ը կը գտնուի 6 cité Wauxhall հասցէին,  Փարիզի 10րդ թաղամասին մէջ:

 

Հանդիպումներու, ժողովներու, նաեւ մարդկային առօրեայ շփումներու, եւ առհասարակ՝ կեանքի՛ այս կեդրոնին մէջ ԺԱՖը կը կազմակերպէ տարբեր մշակութային ձեռնարկներ՝  համերգներ, ցուցահանդէսներ, դասախօսութիւններ և այլն:

 

Այս հարուստ այլազանութեան աղբիւրը հայ մշակոյթն է, ինչպէս նաեւ անոր փոխ յարաբերութիւնները  աշխարհի տարբեր մշակոյթներուն հետ, Ֆրանսական թէ այլ:

 

ԺԱՖի ՀԱՅ ՏԱՆ դռները բաց են բոլորին դիմաց, արուեստագէտ ըլլան թէ  հանդիսատէս, հայ թէ օտար: Եւ  բազմազգ եւ բազմաբնոյթ անձերու միջեւ այս յարաբերութիւններն են որ հանգին իւրայատուկ հանդիպումներու, ստեղծագործութիւններու եւ բանավէճերու, արուեստի զանազան մարզերուն մէջ:

Փարիզեան շրջանի ԺԱՖի երկրորդ կեդրոնը կը գտնուի Իսի Լէ Մուլինոյի մէջ:

 

Այս երկրորդ կեդրոնը առիթ կու տայ ԺԱՖին ձեռնարկներ կազմակերպելու Փարիզի այս շրջանի հայահոծ արուարձաններէն ներս  եւ ֆիզիքապէս աւելի մօտ ըլլալու տեղւոյն  հայ գաղութին:

bottom of page