top of page
  • Facebook Social Icon
  • Twitter Social Icon
  • YouTube Social  Icon
  • Instagram Social Icon

Հոկտեմբեր 2000ին ստեղծուած ԱՆԻ եւ ՆՈՐ ԱԼԻՔ պարախումբերը այսօր 50է աւելի պարողներէ կը բաղկանան:

Այս պարախումբերուն նպատակն է հայկական ազգային պարերը ծանօթացնել հայ եւ օտար հանրութեան, այսպիսով նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերելով  հայ արուեստի եւ մշակոյթի զարգացման:

Այսօր 15էն 30 տարեկան 30 պարողներ մաս կը կազմեն ԱՆԻ պարախումբին:

Տոգորուած  պարի Վարպետ Վանուշ Խանամիրեանի դասաւանդութիւններով եւ իրենց պարուսոյց Արթօ Պէքճեանի խիստ եւ բարձր պահանչքներով, անոնք ժրաջան եւ նպատակասլաց կերպով, յարատեւ կ՛աշխատին՝ նպատակ ունենալով ապագայ սերունդներուն փոխանցել իրենց ստացած ժառանգութիւնը:

 

Կը ձգտին հասնիլ բաձառիկին, գեղեցիկին կատարելիութեան:

Փորձերը - Երեքշաբթի, Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ

ժամը 21:00 էն 22:30

6 cité Wauxhall - 75010 Paris

 

Տեղեկութիւն եւ արձանագրութիւն

06 19 26 09 69

PROJET 

danse traditionnelle armenienne guindo

Պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Արթօ Պէքճեան

Փորձերը տեղի կ՛ունենան ամէն շաբաթ օր

ժամը 17:30էն 19:00

6 cité Wauxhall - 75010 Paris

 

Տեղեկութիւններ եւ արձանագրութիւն

06 50 90 95 30

ՆՈՐ ԱԼԻՔը հիմքն է, երիտասարդ պարողներու նոր սերունդը, որոնք ժառանգութիւն պիտի ստանան այս մշակոյթը եւ պիտի կերտեն մեր ապագան:

 

8էն 15 տարեկան պատանիներ միասին կ՛աշխատին ամէն շաբաթ ինչպէս նաեւ հերթական խտացուած դասընթացներու ընթացքին:

 

Պարողի  իրենց կազմաւորումին  մաս կը կազմեն հայկական ազգային ինչպէս նաեւ դասական պարի քայլերը, պարերու բացատրութիւնը եւ մեկնաբանումը, ազգային տարազներու ու սովորութիւններու, հեքեաթներու ու աւանդութիւններու մասին գիտելիքներ ստանալը:

danse traditionnelle armenienne
danse traditionnelle armenienne
bottom of page