top of page

Նոր Յառաջ, 14 նոյեմբեր 2015

 

.... Եօթը տարի է, սոովորութիւն դարձած է ցեղասպանութիւններու մոռացումին դէմ պայքարին նուիրուած այս ձեռնարկներուն կազմակերպումըՄարսիլիոյ մէջ, տեղւոյն  JAF-ին կողմէ: Բայց այս տարի նկատի ունենալով Ցեղասպանութեան 100-ամեակի բացառիկ երեւոյթը, հայ երիտասարդները որոշած էին զայն կազմակերպել նաեւ Փարիզի մէջ. եւ դատելով արձանագրուած յաջողութենէն, անկարելի չէ, որ կրկնուի յառաջիկայ տարիներուն ալ:

Ձեռնարկը կը բաղկանար գլխաւորաբար երկու մասերէ՝ կլոր սեղան եւ գեղարուեստական բաժին:

Կլոր սեղանի նիւթն էր «Ցեղասպանութիւններ. քանդել մշակոյթը, վերակառուցել ինքնութիւ՞նը»....

..... Շուրջ մէկ ու կէս ժամ սէւած այս կլոր սեղանէն ետք Փարիզի ԺԱՖ-ի ներկայացուցիչներ Սեւակ Թաթոյեան եւ Օլիվիա Կիրակոսեան ընթերցեցին իրենց միութեան յայտարարութիւնը, որմէ ետք երեկոյթի մասնակից արուեստագէտները միասնաբար արտասսանեցին «Amnésie Internationale»-ի հռչակագիրը:

Ապա բեմը գրաւեցին ծանօթ երգիծողներ Մաթէօ Մատենեան եւ Թոմա ՎՍՊ, որոնք վարեցին գեղարուեստական բաժինը: Այնուհետեւ իրարու յաջորդեցին երգ, պար, երաժշտութիւն, մասնակցութեամբ երգչուհի Նաշի, Ափրիկէէն Ֆաատա Ֆրէտիի, Ֆլամենքոյի պարուհի Լոռի Լա Արմենիայի, գնչու երգչուհի Նորիկի եւ հուսկ՝ հանճառեղ Տիգրան Համասեանի, որ շուրջ երկու ժամուան իր համերգով անգամ մը եւս կախարդեց ներկաները:

Ընդհանուր առմամբ, կատարելապէս կազմակերպուած, ողջունելի ձեռնարկ մըն էր, որու համար միայն կրնանք շնորհաւորել  JAF-ի տղաքը եւ մաղթել, որ այսուհետեւ Փարիզի մէջ եւս  «Amnésie Internationale»ը կանոնաւորաբար կազմակերպելու գաղափարը, որ ծիլ արձակած է, հասուննայ, պտղի:

AMNESIE INTERNATIONALE ՓԱՐԻԶ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ!

ՄԻԱՍԻՆ՝ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄՈՌԱՑՄԱՆ ԴԷՄ


Փարիզեան առաջին ելոյթը տեղի ունեցաւ

10 նոյեմբեր  2015-ին TRABENDO (Parc de la Villette)!

Շարլ Ազնավուրի հովանաւորութեամբ,

 

TIGRAN HAMASYAN TRIO (jazz-rock),

FAADA FREDDY SOLO (soul-pop), NACH (chanson),

NORIG (chanson tzigane)

MATHIEU MADENIAN&THOMAS VDB (humour),

LORI LA ARMENIA (flamenco),

PIERRE WAX&KAWIKA (dj set), եւ ուրիշներ!


կլոր սեղան՝: "Ցեղասպանութիւններ, քանդել մշակոյթը, վերակառուցել ինքնութիւնը"

Dickran Kouymjian, Soko Phay-Vakalis, Philippe Kalfayan et Judith Lindenberg

bottom of page