top of page
2015ԻՆ ԺԱՖԸ ՏՕՆԵՑ ԻՐ 70ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

1945 – 1955 : Ծննդոց

 

«Հիւանդ եւ անկար,  արհաւիրքէն նոր փրկուած այս աշխարհին մէջ,  ֆրանսահայ երիտասարդները կը դառնան դէպի ապագան, որովհետեւ կը հաւատան իրենց Մայր Հայրենիքի փայլուն ճակատագրին. »

 

Այսպէս, կրկնելով ԺԱՖի առաջին փոխ-նախագահ Էմիլ Ասլանեանի խօսքերը, կրնանք յստակ գաղափար մը ունենալ 14 յուլիս 1945-ին ԺԱՖի ծնունդը ազդարարող առաջին  համագումարի տիրող մթնոլորտին եւ մասնակիցներու մտայնութեան մասին:  .......  շարունակութիւն

PROJET 

1956 - 1965 : Փառատօներ եւ ճամբարներ

 

ԺԱՖ-ը կանոնաւոր կերպով կը շարունակէ իր համագումարները կազմակերպել : 1960-ին տեղի կ՛ունենայ թիւով10րդը եւ նոյն տարին ԺԱՖ-ը առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս կը հրաւիրուի Հայաստան:

 

1958-ին կը ստեղծուի Մարսէյլի ԺԱՖ-ի ԱՐԱՔՍ պարախումբը, որուն քանի մը տարի ետք կը հետեւի ՍԱՍՈՒՆ նուագախումբը:  .......  շարունակութիւն

1966 - 1975 : Սլացք

 

Տարիներու թաւալումին հետ ԱՐԱՔՍ եւ ՍԱՍՈՒՆ խումբերը աւելի ամուր ձեւով կը հաստատուին գաղութի մշակութային համայնապատկերին վրայ ուր կը փայլին իրենց ի ցոյց բերած ստեղծագործ միտքով:

 

1972-ին ՍԱՍՈՒՆը ծնունդ կուտայ իր առաջին ձայնապնակին,  այդ տարուայ փառատօնին կը նախագահէր Արամ Խաչատուրեանը, իսկ պատուոյ անդամներն էն Րոպէր Հոսէյնը, Արման Լանուն, Մարինա Վլատին, Ժանսէմը,  եւ ուրիշներ.... շարունակութիւն

1976 - 1985 : Մշակութային հարստութիւն եւ բազմազանութիւն

 

Այս տասնամեակի յատկանիշն է Միութեան առաջարկած ձեռնարկներուն որակին նշանակալի բարելաւումը եւ անոնց թիւին զգալի աճը: Որպէս օրինակ՝ այս տասնամեակի Փարիզեան վերջին երկու  փառատօնները եւ բազմաթիւ մշակութային փոխանակումներ Հայաստանի հետ: 

 

1980-ին, 7-րդ փառատօնին կը նախագահէ նկարիչ Ժան Գարզուն, որ նոյնպէս կը ստեղծէ փառատօնի կերպը: ....... շարունակութիւն

1986 - 2005 : Համագործակցութեան տասնամեակներ

 

ԺԱՖ-ի 40րդ տարեդարձի հանդիսութիւնները կը սկսին Մարսէյլի ԺԱՖ-ի 3 խումբերու համերգով, Արաքս, Սասուն եւ Արագած .....

 

ԺԱՖ-ը միշտ ներկայ է գաղութի կեանքին մէջ: Ան գործոն ձեւով կը մասնակցի այդ տարիներու բոլոր ձեռնարկներուն եւ ցոյցերուն, ինչպէս Սդրասպուրկ քաղաքին մէջ եւրոպական խորհրդարանին դիմաց 1987-ին ......  շարունակութիւն

2006 - > : Այսօր եւ վաղը..... 

 

2006-ին ԺԱՖ-ը իր 60-ամեակը կը տօնէ: 2007-ին Երեւանի պարի պետական ուսումնարանին մէջ 2 շաբթուան դասընթացքներու հետեւելու համար ԱՆԻ եւ ՆՈՐ ԱԼԻՔ պարախումբերը  կրկին Հայաստան կը մեկնին:........  շարունակութիւն

bottom of page