top of page
  • Facebook Social Icon
  • Twitter Social Icon
  • YouTube Social  Icon
  • Instagram Social Icon

1945 – 1955 : Ծննդոց

 

«Հիւանդ եւ անկար,  արհաւիրքէն նոր փրկուած այս աշխարհին մէջ, , ֆրանսահայ երիտասարդները կը դառնան դէպի ապագան, որովհետեւ կը հաւատան իրենց Մայր Հայրենիքի փայլուն ճակատագրին. »

 

Այսպէս, կրկնելով ԺԱՖ-ի առաջին փոխ-նախագահ Էմիլ Ասլանեանի խօսքերը, կրնանք յստակ գաղափար մը ունենալ 14 յուլիս 1945-ին ԺԱՖ-ի ծնունդը ազդարարող առաջին  համագումարի տիրող մթնոլորտին եւ մասնակիցներու մտայնութեան մասին:

 

Իր ստեղծուած օրէն ի վեր եւ քաղաքական ոչ դիւրին պայմաններու մէջ միութեան նպատակը միշտ  եղած է Մայր Հայրենիքի հետ ամուր կապեր ստեղծել եւ զանոնք պահպանել :

1947-ին ԺԱՖը կը մասնակցի Հայաստանը վերաբնակեցնելու ներգաղթի կոչին եւ հայրենիք կը մեկնին իր ղեկավարներէն մի քանի հոգի:

Anchor 7

PROJET 

1954-ին ԺԱՖէն յանձնախումբ մը Հայաստան կ՛այցելէ:

 

Իր կեանքին առաջին տասնամեակը ԺԱՖ-ը գլխաւորաբար տրամադրած է իր կազմաւորումին, բազմաթիւ համագումարներու ճամբով, որոնց ընթացքին միշտ կը հաստատուէին իր հիմնադրման գլխաւոր սկզբունքները:

Այսպէս, 1949-ի 4րդ համագումարին կարգախօսն էր « Միութիւն խաղաղութեան համար»:

 

Միութեան համար մեծ ձգտում եղած է միշտ հայ մշակոյթի զարգացումը, ծանուցումը եւ աւանդումը:

Յիշենք 1947-ին առաջին անգամ ըլլալով ֆրանսերէն լեզուով ՆԱՄՈՒՍ թատերախաղի բեմադրութիւնը Renaissance թատերասրահի բեմին վրայ, ԺԱՖ-ի Cartel 48  թատերախումբի խաղարկութեամբ: Դերասաններուն մաս կը կազմէին  Տիկին Ազնաւուրեանը, Ռուբէն Մելիքը, Գէւորգ Սարեանը եւ Արամ Գառնիկեանը …

 

1954-ի ամառը  Saint Muryի մէջ կը կազմակերպուի ամառնային ճամբար մը որ առաջինը պիտի ըլլայ երկար շարքի մը:

1956 - 1965 : Փառատօններ եւ ճամբարներ

 

ԺԱՖ-ը կանոնաւոր կերպով կը շարունակէ իր համագումարները կազմակերպել : 1960-ին տեղի կ'ունենայ թիւով10րդը եւ նոյն տարին ԺԱՖը առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնապէս կը հրաւիրուի Հայաստան:

 

1958-ին կը ստեղծուի Մարսէյլի ԺԱՖ-ի ԱՐԱՔՍ պարախումբը, որուն քանի մը տարի ետք կը հետեւի ՍԱՍՈՒՆ նուագախումբը:

 

1957-էն սկսեալ մշակութային ձեռնարկներու շարքին կ'աւելնան փառատօնները, որոնք արուեստի տարբեր մարզերուն մէջ տաղանդներ կը բացայայտեն: Հայ անձնաւորութիւններու կողքին այս փառատօնները կը հովանաւորեն արուեստի եւ մշակոյթի տարբեր մարզերէ ֆրանսացի դէմքեր, օրինակ Լուի Արակոնը, Ֆրանսուա Մորիաքը, Ժան Քոգթօն, Քոսթա Կաւրասը:

 

1965-ի ապրիլին ԺԱՖը կը մասնակցի ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցի համահայկական ձեռնարկներուն եւ ցոյցերուն:

Anchor 8

1966 - 1975 : Սլացք

Anchor 9

Տարիներու թաւալումին հետ ԱՐԱՔՍ եւ ՍԱՍՈՒՆ խումբերը աւելի ամուր ձեւով կը հաստատուին գաղութի մշակութային համայնապատկերին վրայ ուր կը փայլին իրենց ի ցոյց բերած ստեղծագործ միտքով:

 

1972-ին ՍԱՍՈՒՆը ծնունդ կուտայ իր առաջին ձայնապնակին,  այդ տարուայ փառատօնին կը նախագահէր Արամ Խաչատուրեանը, իսկ պատուոյ անդամներն էն Րոպէր Հոսէյնը, Արման Լանուն, Մարինա Վլատին, Ժանսէմը,  եւ ուրիշներ:

Իսի լէ Մուլինոյի Հայ Տունը իր դռները կը բանայ 1971-ին, որուն կը յաջորդէ Մարսէյլի կեդրոնը 1973-ին եւ Փարիզի Հայ Տունը 1975-ին,  800-է աւելի նուիրատուներու օգնութեամբ:

 

1968-ին, առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսայի մէջ, ԺԱՖը կը կազմակերպէ  Aix-Les-Bains քաղաքին մէջ հայական մշակոյթի տասնօրեակ, իսկ իր 30 ամեակը կը տօնուի Մարսէյլի մէջ 1975-ին:

ԺԱՖ-ը նաեւ ամէն ամառ կը կազմակերպէ 30 երիտասարդներու 3 շաբթուայ ճամբորդութիւն մը Հայաստան՝ անոնց ծանօթացնելու իրենց մայր հայրենիքը: Նմանապէս կը կազմակերպէ ֆրանսահայ դպրոցականներու մասնակցութիւնը Հայաստանի երիտասարդական ճամբարներուն:

 

Այս տարիներուն է նաեւ որ Ֆրանսա կ՛այցելեն Հայաստանեան արուեստի եւ մշակոյթի կարեւոր դէմքեր, Սիլվա Կապուտիկեանը, Առնօ Պապաճանեանը, Էդուարդ Միրզոյեանը, Ալպեր Ազարեանը եւ Արամ Խաչատուրեանը:

bottom of page