top of page
  • Facebook Social Icon
  • Twitter Social Icon
  • YouTube Social  Icon
  • Instagram Social Icon

1976 - 1985 : Մշակութային հարստութիւն եւ բազմազանութիւն

 

Այս տասնամեակի յատկանիշն է Միութեան առաջարկած ձեռնարկներուն որակին եւ անոնց թիւին զգալի աճը: Որպէս օրինակ՝ այս տասնամեակի Փարիզեան վերջին երկու  փառատօնները եւ բազմաթիւ մշակութային փոխանակումներ Հայաստանի հետ: 

 

1980-ին, 7-րդ փառատօնին կը նախագահէ նկարիչ Ժան Գարզուն, որ նոյնպէս կը ստեղծէ փառատօնի կերպը:

8-րդ փառատօնը (1984-ին ) ամենատպաւորիչն էր, 700 մասնակիցներով եւ 5000 հանդիսատեսներով, ինչպէս նաեւ մրցոյթի սեռերու զանազանութեամբ - դասական եւ ազգային երգ եւ երաժշտութիւն, մենակատար եւ խմբային, շարժանկար, թատրոն, ասմունք,  արդի եւ դասական պար, կերպարուեստ.... Շատ մը երիտասարդներու համար այս փառատօնը առաջին քայլը եղաւ իրենց արուեստագէտի յետագայ ասպարէզին:

 

Նոյն տարին՝ 1984-ին, գաղութին կեանքը ցնցուեցաւ հայերու դէմ կատարուած ոճրափորձերով: ԺԱՖ-ը իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ այս մահափորձերուն որպէս բողոք կազմակերպուած բոլոր ցոյցերուն:

 

Anchor 14

PROJET 

Հաւատարիմ իր սկզբունքներուն՝ ԺԱՖ-ը այս ընթացքին ալ Հայաստանի հետ իր փոխ-յարաբերութիւնները կը շարունակէ, որոնք այս տասնամեակին կը բարելաւուին որակով եւ կ՛աճին թիւով:

 

1976-ին Էսդրատային նուագախումբը կը գրաւէ  «Pleyel» սրահի եւ  «Champs Elysées» թատերասրահի հանդիսատեսներուն սիրտերըը, եւ 1977-ին Կոմիտաս Քառեակի մեծ յաջողութիւնները կը քաջալերեն ԺԱՖը զիրենք կրկին անգամ հրաւիրելու 1984-ին:

 

Բայց այդ տարիներու յաջողութիւններուն գլուխ գործոցը կ՛ըլլան 1978-ին Պարի պետական համոյթի եւ 1979-ին Երգի պարի Թաթուլ Ալթունեանի անուան  պետական համոյթի ֆրանսական եւ եւրոպական շրջապտոյտները:

1983-ին, Երեւանի պետական օփերայի պալէտը եւ անոր աստղերը ելոյթ կ՛ունենան Փարիզ մէջ, պատիւը կ՛ունենան  փորձերը ընելու  Փարիզի օփերային թատրոնին մէջ եւ հանդիպելու անոր տնօրէն Ռուտոլֆ Նուրէեւին:

 

1986 - 2005 :  Համագործակցութեան տասնամեակներ

 

ԺԱՖ-ի 40րդ տարեդարձի հանդիսութիւնները կը սկսին Մարսէյլի ԺԱՖի 3 խումբերուն՝

Արաքս, Սասուն եւ Արագածի համերգով ....

Սասունը կ՛արձանագրէ իր երկրորդ ձայնապնակը՝ «Ճանապարհ»:

 

Արագածի պարողները  մեծնալով  կ՛անցնին Արաքս, որ 1988ին կը տօնէ իր 30-րդ եւ 1998-ին իր 40-րդ տարեդարձը, թէ Մարսէյլի, թէ Փարիզի մէջ:

 

Երիտասարդական ճամբարները կը շարունակուին:  Մինչեւ այսօր: Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժին ետք, 1989-ին եւ 1990-ին  ԺԱՖ-ը իր ճամբարներուն մէջ կը հիւրընկալէ   աղէտեալ շրջաններէն եկած 50 երեխայ:

 

ԺԱՖ-ը մշտական ներկայութիւն ունի  գաղութի կեանքին մէջ: Ան գործօն ձեւով կը մասնակցի այդ տարիներու բոլոր ձեռնարկներուն եւ ցոյցերուն, օրինակ 1987-ին Սդրասպուրկ քաղաքին մէջ Եւրոխորհրդարանին դիմաց , 1988-ին Սումկայիթի ջարդերուն դէմ փողոքի ցոյցին կամ 2000-ին ֆրանսական Սենատի դէմ եղած հաւաքներուն հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման համար տարուած աշխատանքներուն ընթացքին, եւայլն:

 

Յետագային երբ Ապրիլ 24-ի յանձնախումբը կը վերածուի CCAF-ի, ԺԱՖ-ը անոր հիմնադիր անդամներէն է եւ որուն հետ իր գործակցութիւնը կը շարունակէ մինչեւ այսօր:

Anchor 15

1988-ի երկրաշարժէն ետք  ԺԱՖ-ը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հայաստանին օգնութիւն հասցնելու աշխատանքներուն: Առաջին իսկ օրէն մաս կը կազմէ SOS ARMENIEի կազմին, հրատապ ձեւով օգնութիւն հասցնելու եւ ապա աւելի երկարաշունջ աշխատանքներու համար կը ստեղծէ   d’ALTITUDE 5165 Մարսէյլի մէջ եւ  d’ARMENIE VILLAGE Փարիզի մէջ, Ֆրանսահայ մշակութային միութեան հետ միատեղ:

 

ARMENIE VILLAGE-ի առաջին նախաձեռնութիւնը կ՛ըլլայ 1989-ի ամռան 30 երիտասարդներու երեքշաբաթեայ առաքելութիւնն ի Հայաստան, Լոռիի Եղէգնուտի գիւղին մէջ 30 տնակ տեղադրելու :

1991-էն սկսեալ  ARMENIE VILLAGE-ի աշխատանքները առաւելաբար Հայաստանի  երեխաներուն եւ դպրոցներուն ուղղուած նախագիծեր են:

 

Իսկ Միութեան կեանքը իր հունով կը շարունակուի, միօրեայ դպրոցները, պարի խումբերը, զանազան ձեռնարկներու կազմակերպումը ..... Մշակութային ձեռնարկները իրարու կը յաջորդեն, Ազատ Ղարիպեանի Կռունկ պարախումբի ելոյթները, «Bratsch» խումբի համերգը, «Հայկական Շաբաթ»ը  Քլամար քաղաքի մէջ, եւ Մարսէյլի առաջին « Amnésie International»-ը եւ շատ ուրիշներ: 

Փարիզի ԺԱՖի նախաձեռնութեամբ 2000-ին ԱՆԻ եւ ՆՈՐ ԱԼԻՔ պարախումբերը ծնունդ կ՛առնեն :

 

2004-ին երկու պարախումբերը Հայաստան կը մեկնին ներկայ ըլլալու ԱՐԱՔՍ եւ ՍԱՍՈՒՆ պարախումբերու համերգին Երեւանի Օփերայի սրահին մէջ, առաջին «Մէկ երկիր մէկ մշակոյթ» փառատօնի ծիրէն ներս, եւ նոյն ատեն 2 շաբթուան դասընթացքներու կը հետեւին Երեւանի պարի պետական ուսումնարանին մէջ, Վանուշ Խանամիրեանի հովանաւորութեան տակ:

 

2005-ին ԱՆԻ եւ ՆՈՐ ԱԼԻՔ պարախումբերը կը ներկայացնեն « Songes d’Arménie »ն, իրենց առաջին ծրագիրը:

Anchor 16

2006 - > : Այսօր եւ վաղը  ......

2006-ին ԺԱՖ-ը իր 60-ամեակը կը տօնէ: 2007-ին Երեւանի պարի պետական ուսումնարանին մէջ 2 շաբթուան դասընթացքներու հետեւելու համար ԱՆԻ եւ ՆՈՐ ԱԼԻՔ պարախումբերը  կրկին Հայաստան կը մեկնին: Գեղանկարիչ Արտաւազդ Պէրպէրեանի գործերուն նուիրուած ցուցահանդէս մը կը կազմակերպուի Փարիզի մէջ: Մարսէյլի ԺԱՖ-ի ԱՐԱՔՍ եւ ՍԱՍՈՒՆ համոյթները կը ներկայացնեն իրենց նոր ծրագիրը՝ « Arménie mon amour »:

 

Ամառնային ճամբարները կը շարունակուին Մարսէյլի եւ Փարիզի ԺԱՖ-ի սերտ համագործակցութեամբ: Փարիզի մէջ 2012-ին կը սկսին հայկական ազգային երաժշտական նուագարաններու՝  մասնաւորաբար տուտուկ եւ շուիի երաժշտական դասընթացքներ :

 

Նոյն տարին Փարիզի մէջ կը ստեղծուի ԱՐՁԱԳԱՆԳ երգչախումբը՝ Արէս Սիրատակի ղեկավարութեամբ: Ծնունդ կ’առնեն նաեւ «ԺԱՖ-ի կիրակիները» ձեռնակներու շարքը, որուն կը մասնակցին ծանօթ արուեստագէտներ ինչպէս Տիգրան Համասեանը, Վարդուհի Երիցեանը, Նորայր Քարտաշեանը, Լոռի Պաղտասարեանը, Քոյիշի Եոշիտան եւ ուրիշներ:

 

Տարին անգամ մը պարի խտացուած դասընթացքներ կը կազմակերպուին Մարսէյլի ԱՐԱՔՍ, Լիոնի ՆԱՅԻՐԻ եւ Փարիզի ԱՆԻ պարախումբերուն մասնակցութեամբ: 2014-ին ԺԱՖ-ը կը հիւրընկալէ Հայաստանի ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ պարի համոյթը, որ Ֆրանսա կը ժամանէ Մարսէյլի ԺԱՖ-ի նախաձեռնութեամբ՝ Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներուն մէջ ելոյթներ ունենալու համար:

 

2014 յուլիսի վերջերուն ԺԱՖ-ը Մոնթէվիտէօ (Ուրուկուայ) քաղաքի ԳԱՅԻԱՆԷ պարախումբը կը հիւրընկալէ Փարիզ: Այս առիթով պարի խտացուած դասընթացքներու ընթացքին բացառիկ հանդիպումներ եւ մշակոյթի ասպարէզէն ներս փորձի հարուստ փոխանակումներ տեղի կ’ունենան ԳԱՅԻԱՆԷ, ՆԱՅԻՐԻ եւ ԱՆԻ պարի համոյթներուն 90-է աւելի անդամներուն միջեւ։

 

Յուլիս 2014-ին վերանորոգման մեծ աշխատանքներ սկիզբ կ’առնեն Փարիզի Հայ Տան մէջ. անոնք 1 տարի պիտի տեւեն:

 

2015-ը կարեւոր տարի մըն է մեր հայութեա ն համար՝ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը: ԺԱՖ-ը, որպէս Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի եւ երիտասարդական  «7 միութիւններ-»ու համագործակցութեան  խորհուրդի հիմնադիր անդամ, այս  թուականը նշելու համար զանազան ձեռնարկներ պիտի կազմակերպէ: Մարսէյլի ԺԱՖ-ը կը կազմակերպէ «Amnésie international»-ի  7-րդ հաւաքը:

bottom of page