top of page

ՓԱՐԻԶԻ ՀԱՅ ՏԱՆ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

22 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2015-ԻՆ

ԺԱՖ-ի Հայ Տան վերաբացումը տեղի ունեցաւ 22 հոկտեմբեր 2015-ին Հայաստանի Ֆրանսայի մէջ դեսպան Պրն Վիգէն Չիտեչեանի ներկայութեամբ: Ներկայ էին նաեւ

Տիկին Գորտըպար Ալեքսանտրա՝ Փարիզի քաղաքապետուհիին օգնական

Պրն Կէօվսեան Ալեքսի՝ 9-րդ թաղամասի քաղաքապետի օգնական եւ ցեղասպանութեան հարիւրամեակի կազմակերպման յանձնախումբի նախագահ

Պրն Թորանեան Արա՝ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համագործակցման մարմնի նախագահ

Պրն Արթիւր Խանճեան՝ Իսի լէ Մուլինո քաղաքի քաղաքապետի օգնական

Պրն Պաղտիկեան Անթուան Հայ ռազմիկներու միութեան նախագահ

եւ ուրիշներ

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

 

PROJET 

ՀԱՅ ՏԱՆ տարածքը ձեւափոխել եւ յարմարեցնել ներկայ եւ ապագայ կարիքներուն

- Դասարաններ, Մեծ սրահ եւ վարչական բաժին

- « Միւլթիմետիա » տարածք, գրադարան, հանդիպման տարածք

 

Պատշաճեցնել անվտանգութեան ներկայ չափանիշերուն

- Ելեկտրականումեան սարքի վերանորոգում

- Սալայատակի եւ առաստաղի փոփոխութիւններ

- Ջրամեկուսացում եւ ջերմամեկուսացում

Աշխատանքները վերջացած են՝ բայց ոչ բոլորովին վճառուած:

Հակառակ ձեր ցուցաբերած նիւթական կարեւոր օժանդակութեան, , կրկին կը դիմենք ձեր օգնութեան:

 

օգնեցէք մեզի իրականացնելու մեր ծրագիրը

- էկող սերունդներուն ժառանգութիւն ձգել հանդիպման, զարգացման եւ հայապահպանման հաճելի տուն մը

- տարածել հայ մշակոյթը

ՁԵՐ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՍՏԱՑԱՏԻՐ ՄԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՔ

 

Անհատներու համար :

Ձեր նուիրատուութեան  66% ը կրնաք զեղչել ձեր տարեկան հարկէն

Ընկերութիւններու համար :

Ձեր նուիրատուութեան  60% ը կրնաք զեղչել ձեր տարեկան հարկէն,  ձեր տարեկան եկամուտի 5 առ հազարի սահմանափակումով

PROJET 

 

ՁԵՐ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆԸ ՂՐԿԵՑԷՔ ԺԱՖ Ի ԱՆՈՒԱՆ, 6 CITE WAUXHALL 75010 PARIS

bottom of page