top of page
  • Facebook Social Icon
  • Twitter Social Icon
  • YouTube Social  Icon
  • Instagram Social Icon

ՀԱՅ ՀԻՆ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐԸ

Հայոց պատմութեան հեթանոսական շրջանին մասին պատմական շատ քիչ տուեալներ կան:

 

Այս կրօնքին հիմքը կը կազմէին Կրակի, Լուսինի, Արեւի պաշտամունքը եւ Լաւի եւ Գէշի սկզբունքը:

 

Հայաստանի հզօր եւ հիասքանչ բնութիւնը հսկայ ազդեցութիւն ունեցած ըլլալու է կրօնական զգացումներու ծնունդին եւ զարգացման վրայ: Նախնական հայը, բնութեան սարսափելի ուժերուն դէմ անզօր, կը խոնարհի բնական երեւոյթներուն  դիմաց եւ կ՛աղօթէ: Արեւը, կրակը, ջուրը, անտառները, կրակ թափող լեռները, ապրող աստուածներ են այս պարզ մարդուն համար: Ան բարի աստուածներով կը մարմնացնէ բնութեան բարի ուժերը՝ Արամազդ, Վահագն, Անահիտ եւ Աստղիկ: Մինչդեռ դեւերը կը մարմնացնեն չար ուժերը՝ մարդոց թշնամիները:

 

Աստուածներու աստուածը Արամազդն էր, երկինքի եւ երկրի արարիչը, աստուածներու հայրը, պտղաբերութիւն եւ առատութիւն պարգեւողը:

ԱՐԱՄԱԶԴ

ԱՆԱՀԻՏ

PROJET 

Անահիտը Հայաստանի մէջ ամենասիրելի եւ պաշտուած դիցուհին էր: «Մեծ տիկին Անահիտ» կը կոչուէր, բոլոր տեսակ խոհեմութիւններու եւ պարկեշտութիւններու մայրն էր, մարդկանց բարերարը, հայ ժողովորդի պաշտպանը, որուն շնորհիւ միշտ եղեր է, կայ եւ գոյութիւն պիտի ունենայ հայոց աշխարհը:

 

Երրորդ աստուածը, քերբնական քաչութեան եւ ուժի տէր Վահագնը, , հայոց աշխարհը կը ձերբազատէր չար ուժերէն եւ կը  պայքարէր վիշապներուն դէմ: Ժողովուրդին համար ան Արեւը կը մարմնաւորէր, իսկ  դիւցազներգակները իր մասին կ՛երգէին

ՎԱՀԱԳՆԻ ԾՆՈՒՆԴԸ

 

 

Երկնէր երկին, երկնէր երկիր,

Երկնէր եւ ծովն ծիրանի,

Երկն ի ծովուն ունէր եւ զկարմրիկն եղեգնիկ.

Ընդ եղեգան փող ծուխ ելանէր,

Ընդ եղեգան փող բոց ելանէր,

Եւ ի բոցոյն վազէր խարտեաշ պատանեկիկ.

Նա հուր հեր ունէր,

(Ապա թէ) Բոց ունէր մորուս,

Եւ աչկունքն էին արեգակունք:

Վահագնի կինն էր Աստղիկ, սիրոյ եւ ջուրի դիցուհին: Անոր տաճարը «Վահագնի սենեակ» կը կոչուէր:

 

Իսկ Նանէն  Արամազդին դուստրն էր: Իր մասին շատ տեղեկութիւններ չկան: Հաւանաբար պատերազմի դիցուհին էր, եւ անոր պաշտամունքը սերտօրէն կ՛առնչուէր Անահիտի պաշտամունքին հետ:

ԱՍՏՂԻԿ

ՆԱՆԷ

Միհրը Արամազդի որդին էր, երկնային լոյսի աստուածը:  Գառնիի տաճարը իրեն նուիրուած էր:

 

Վանատուրը կամ Ամանորը նոր տարուան, ժամանակի եւ եղանակներու աստուածն էր, կը կոչուէր նաեւ Ամենաբեր՝ հողը պտղաբերող:           

 

Տիրը ուսման եւ գիտութեան աստուածն էր, Արամազդի «գրիչը» կամ «քարտուղարը»:

ՄԻՀՐ

ՏԻՐ

Արան բուսականութեան, երկրագործութեան, ցանքի եւ ջուրի աստուածն էր, կեանքի խորհրդանիշը:

 

Ծովինարը ջուրի, ծովի եւ անձրեւի աստուածուհին էր:

 

Բախտը հայ աւանդական հաւատքի հոգիներէն մէկն էր որ կ՛որոշէր մարդու ճակատագիրը:

 

Գրողն ալ հայ աւանդական հաւատքի հոգիներէն մէկն էր որ գրի կ՛առնէրկեանքի ընթացքին մարդու արարքները: Հոգէառն էր, հոգիները առնողը:

հատուաներ թարգմանուած Աւետիս Ահարոնեանի  Les anciennes croyances arméniennes էն

աղբիւր : www.grapaharan.org - http://fr.slideshare.net/tereza2000/haykakan-dicaran-44275072 -

bottom of page